Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 27 մայիսին, Պէյրութէն մեկնեցաւ Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ:

Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, հանդիպման ընթացքին կողմերը շեշտեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ խոր արմատներ ունեցող պատմական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը եւ ընդգծեցին անոնց ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը` ի շահ երկու երկիրներուն եւ տարածաշրջանին: Սուրիոյ նախագահը դիտել տուաւ, որ Հայաստանի կարեւոր դեր վերապահուած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ, նաեւ ընդգծեց տարածաշրջանի իրական պատկերը արեւմտեան երկիրներուն ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Ասատ Նալբանդեանի հետ իր հանդիպումին ընթացքին նշեց. «Այն տառապանքը, զոր պատմութեան մէջ հայ ժողովուրդը ապրեցաւ, այժմ սուրիացիներու բոլոր հատուածները կ'ապրին` սպանութեան ու ահաբեկչութեան նոյն գործիքներով, սակայն տարբեր ձեւով ու նպատակի համար»:

Ասատ յայտնեց. «Հայաստանի կառավարութիւնը  կրնայ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն դիմագրաւած ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ»:

Ան դիտել տուաւ, որ Թուրքիա վտանգաւոր դեր կը խաղայ` նշելով, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճնշում բանեցնէ Թուրքիոյ վրայ` դադրեցնելու իր ապակառուցողական գործողութիւնները: Իր կարգին, Էդուարդ Նալբանդեան դատապարտեց սուրիացիներուն դէմ ահաբեկչական գործողութիւնները` նշելով, որ սպառնալիքը կը պահանջէ միասնական եւ լուրջ ջանքեր ի գործ դնել` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար:

Նալբանդեան նաեւ հանդիպում ունեցաւ սուրիացի իր պաշտօնակիցին` Ուալիտ Մոալլեմի հետ, որ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ սուրիացի ժողովուրդը կարողութիւնը ունի դիմադրելու «սուրիական հայրենիքը մասնատելու որեւէ փորձի»` աւելցնելով. «Սուրիոյ դէմ դաւ նիւթող երկիրները յայտնի են` անոնք են Սէուտական Արաբիան, Յորդանանը, Քաթարը եւ Թուրքիան»:

Մոալլեմ ըսաւ. «Եթէ նախապէս հայերուն դէմ ջարդեր գործած մարդասպանները դատուէին, ատիկա չէր կրկնուեր, եւ այսօր Թուրքիոյ մէջ անոնց թոռները չէին համարձակեր Սուրիոյ մէջ իրենց գործիքներուն ճամբով ջարդեր գործելու»` հարց տալով. «Միջազգային ընտանիքը նոր ջարդարարներուն ի՞նչ կ'ընէ»:

Նալբանդեան իր կարգին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ճգնաժամը կարելի է յաղթահարել միայն բռնարարքներու դադրեցման եւ սուրիական տարբեր հատուածներուն միջեւ երկխօսութեան ճամբով` ինչ որ բոլոր սուրիացիներուն շահերը կ'ապահովէ:

«Սուրիոյ մէջ քաղաքայիններուն, ներառեալ փոքրամասնութեանց կացութիւնը մեզի համար մնայուն հետաքրքրութեան կիզակէտ է», ըսաւ ան եւ սուրիական իշխանութիւններուն երախտագիտութիւն յայտնեց` հայկական ժառանգութեան ու աւանդութեան նկատմամբ ցուցաբերած հոգատարութեան համար:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ այս այցելութիւնը կը կատարուի խորհրդանշական թուականի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Ան ըսաւ, որ 100 տարի առաջ սուրիական անապատները դարձան Ցեղասպանութեան հարիւր հազարաւոր զոհերու վերջին հանգրուանը, իսկ սուրիացի ժողովուրդը օգնութեան ձեռք մեկնեց անոնց, Սուրիան դարձաւ ապաստան եւ երկրորդ հայրենիք:

Նալբանդեան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշանաբանն էր «Այլեւս երբեք», եւ Հայաստան միջազգային ընտանիքին մէջ մեծ ջանք ի գործ կը դնէ աշխարհի տարածքին ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար:

Ան յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը սկսած է գիտակցիլ, որ որոշումներու որդեգրումը միայն բաւարար չէ, այլ այդ չարիքի կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար պէտք է հարկ եղած քայլերը որդեգրել: